ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
HAMAHAYGAGAN OYUNLARI SPORCULARININ ZİYARETİ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Օգոստոս 2023, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին Պատրիարքարանի պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Համահայկական խաղերու վօլէյպօլի մարզին մէջ երկրորդ հանդիսացած իգական խումբի մարզիկները եւ Համահայկական Խաղերու քաղաքէս մասնակից մարզիկներու խումբի պատասխանատուները։
...Այցելուներու խումբին մաս կը կազմէին Համահայկական խաղերու Ստանպուլի յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու, նոյն յանձնախումբի անդամներ Ալէն Թէքպըչաք եւ Սարօ Աքչէլեան, Սասուն յանձնախումբի ատենապետ Արամ Տէմիր եւ նոյն յանձնախումբի անդամներ Արաս Պաղ, Ստանպուլի յանձնախումբի Թէնիսի պատասխանատու Սէլին Կէզէրօղլու, Սասուն յանձնախումբի ֆութպօլի պատասխանատու Թուրկայ Քափ, Ստանպուլի յանձնախումբի վօլէյպօլի պատասխանատու Պէրֆին Եւա Տէմիրճեան, Ստանպուլի կանանց վօլէյպօլի մարզիչներ Անժէլ Ելէկէն եւ Ալէն Նարսիւզ։ Ընդունելութեան մասնակից պատասխանատուներ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին եւ յայտնեցին իրենց տպաւորութիւնները։ Հայկարամ Քարասու իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ նշելով Սասուն Յանձնախումբի վարիչներուն, յատկապէս Էֆրիմ Պաղի ցուցաբերած եղբայրական կեցուածքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Համահայկական Խաղերուն քաղաքէս մարզիկներ եւս մասնակցած եւ յաջողութիւններ ձեռք բերած էին, ինչ որ պատիւ բերած էր համայնքին։ Բոլորը շնորհելով նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց թէ մարզիկներուն եւ թէ պատասխանատուներուն։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութեան յանձնուեցաւ յուշանուէրներ։
***
Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, 22 Ağustos 2023, Salı, öğle saatlerinde Hamahaygagan Oyunları voleybol dalında ikinci olan bayan sporcuları ve spor sorumlularını makamında kabul etti.
Ziyaretçiler arasında; Hamahaygagan Oyunları İstanbul ekibi başkanı Haygaram Karasu, üyeler Alen Tekbıçak ve Saro Akçelyan, Sasun ekibi başkanı Aram Demir ve üye Aras Bağ, İstanbul ekibi Tenis sorumlusu Selin Gezeroğlu, Sasun ekibi futbol sorumlusu Turgay Kap, İstanbul ekibi voleybol sorumlusu Berfin Eva Demirciyan, İstanbul bayanlar voleybol antrenörleri Anjel Yelegen ve Alen Narsüz vardı. Haygaram Karasu konuşmasında Efrim Bağ başta olmak üzere Sasun ekibi yöneticilerine kardeşçe tutumlarından dolayı teşekkür etti.
Patrik Hazretleri, İstanbul’dan sporcuların da Hamahaygagan Oyunlarına katılarak cemaatimizi onurlandıran başarılar elde etmelerinden duyduğu mutluluğu dile getirdi. Herkesi tebrik ederek, hem sporculara hem de yetkililere yeni başarılar diledi.
Görüşme sonunda Patrik Hazretleri'ne hatıra hediyesi takdim edildi.


